2013-12-17 11:32:24

Եւրոպական Միութիւնը կոչ կ՛ուղղէ Լիբանանի քաղաքական ուժերուն` յանձնառու մնալու չէզոք կեցուածքին եւ կազմելու կառավարութիւն մը


Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարները Պրիւքսէլի մէջ գումարեցին նիստ մը, որուն աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կոչ ուղղուեցաւ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն, ներառեալ` Հըզպալլայի, յանձնառու մնալու չէզոք կեցուածքին եւ կառավարութեան կազմութեան:
Հաղորդագրութեան մէջ խստիւ դատապարտուեցան Լիբանանի մէջ արձանագրուող ապահովական միջադէպերն ու ցնցումները, յատկապէս Թրիփոլիի զինեալ բախումները:
Եւրոպական Միութեան անդամ արտաքին գործոց նախարարները անհրաժեշտ նկատեցին զօրակցիլ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ջանքերուն` գործադրելու համար «Պաապտայի յայտարարութեան» բանաձեւերը, որոնց շուրջ լիբանանեան քաղաքական կողմերը համաձայնութիւն գոյացուցած են:
Եւրոպական Միութիւնը ընդգծեց, որ ինք նախանձախնդիր կը մնայ Լիբանանի կայունութեան, անկախութեան, գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան:
Արտաքին գործոց նախարարները կարեւոր նկատեցին նաեւ, որ լիբանանեան քաղաքական կողմերը ամէն ջանք ի գործ դնեն վերսկսելու լիբանանեան ազգային երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեցին կազմելու կառավարութիւն մը` դիմագրաւելու համար երկրին սպառնացող տնտեսական, ապահովական եւ այլ մարտահրաւէրները:
Եւրոպական Միութիւնը կը փափաքի 2014-ին նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարել, ինչպէս նաեւ լիբանանցիները կը քաջալերէ անհրաժեշտ բարեկարգումներ կատարելու: «Մենք յանձնառու կը մնանք լիբանանեան զինեալ ուժերուն նկատմամբ մեր զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ կը շարունակենք նեցուկ կանգնիլ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն», նշուեցաւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.